Kitobni o'qish: «Թէոդորոս Ռշտունի»
ԳԼՈՒԽ Ա
Ազնիւ Բարեկամին
ՏՕՔՏՕՌ ՌՈՄԱՆ ՊԱՒԼՈՎԻՉ ՆԱԴԻՐԵԱՆՑԻ
ՆՈՒԻՐԷ ԶԱՅՍ ԵՐԿ
ԾԵՐԵՆՑ
ԳԼՈՒԽ Ա
Փոքրիկ խումբ մը տասը-տասներկու ձիաւորաց, շտապաւ Բագրեւանդայ արեւելեան կողմը` Կ'ոգովիտի հիւսիսը կը դիմէր, ժամանակը երեկոյեանալու մօտ էր, եւ յայտնի կ'երեւար թէ այդ խումբը բաւական հեռուեն կ'ուգար` երբ դիտող աչք մը նկատէր լռութիւնը, որ յոգնածութեան հետեւանք էր, արեւեն այրած կերպարանքները եւ փոշին, որ ամէնուն ըզգեստները կը ծածկէր եւ ձիերուն քրտինքը, որ կը թորէր:
Պատանի մը շքեղ հագուած, գեղեցիկ նժոյգի մը վրայ նստած կը ձիավարէր. իւր կերպարանաց փափկութեան ու գեղեցկութեան հետ տխրութիւն եւ հոգ նկարուած կին երեսին վրայ: Չէր խոսէր, չէր նայէր շուրջը, այլ միայն ճամփան կը շարունակէր: ուր ետեւեն շրշայ պատող խումբը թէ իր սպառազինութենեն, թէ՛ խրոխտ եւ զինուորական կերպեն կը յայտնէր թէ թիկնապահք էին այդ պատանուոյն, որ իշխանազուն մ՚էր:
Աշնան շամանդաղը եւ մուխը միատեղ իջան երկրիս վրայ, երբ մեր խումբին գլխաւորը, որ հիսնամեայ, մեծագլուխ, ցլապարանոց մարդ մ՚էր եւ որ երիտասարդին աջ կողմեն կը ձիավարէր, դարձաւ պատանուոյն եւ հաստ, բայց կամաց ձայնով ըսաւ.
– Ահա Վարդանայ բերդ, լոյսերը կ'երեւանք իշխան, քառորդ մը միայն ճանապարհ ունինք: Կ'երեւի թէ շատ յոգնեցար:
– Յոգնութիւնը հոգ չէ՛, Զաւէն, – պատասխանեց երիտասարդը, – մայրս վախեմ մտատանջութեան մէջ է հիմա:
Դարձեալ լռութիւն յաջորդեց, միայն ձիերու սմբակներու ձայնը կը լսուէր. ձիաւոր մը փոթորկելով գնաց աներեւութացաւ, եւ խումբը փոքրիկ լիճի մը քովեն պտոյտ ընելով եւ ժայռն ի վեր բարձրանալով մեծ դռան մը առջեւ կանգնեցաւ. ձիերը սկսան խխնջել եւ գետինը ծեծէի դռները ճռնչեցին բացուեցան, Վարդանաբերդի գաւիթը ջահերով լուսաւորուեցաւ վայրկենին, պատանին հազիւ թէ իջաւ ձիեն` երիտասարդ սեւազգեստ կին մը տեսնուեցաւ, որ դահլիճին սանդուխին գլուխը կեցուած իրեն կը նայէր: Ի՞նչ կար նորա անբացատրելի նայուածքին մէջ: Այսչափ միայն կարելի է զրուցել, որ զգայուն մօր մը բոլոր սէրը, յոյսը այդ նայուածքին մէջ էր, թէպէտ ամսուան մը հեռաւորութիւն միայն բաժնէր էր այս մայրը զաւկեն: Մայր, որդի իրար դիմեցին, համբոյր, գրկախառնութիւն, «որդեակ», «մայր», «սիրելի», «սիրեցեալ», քանի մը կաթիլ արտասուք զուարթ երեսներու վրայ, եւ ահա այդ քնքուշ երիտասարդ մայրը իր զաւկին ձեռքեն առած` իբրեւ թէ յափշտակելով, մտաւ ներս, անցաւ դահլիճը, տարաւ իր սենեակը, նստաւ եւ նստեցուց քովը, հարցմունքներ իրարու կը յաջորդէին, հազիւ թէ կիսակատար պատասխաններու տեղիք կար. հոն ամէն բանի վրայ կը խօսուէր. ճանապարհին վրայ` թէ վտանգ կա՞ր, թէ Ռշտունեաց Տիկինն ինչպէ՞ս էր, թէ Ոստանին հաւնէ՞ր էր որդին, թէ Վանայ ծովը եւ Վարդանաբերդի լիճը ի՞նչ տարբերութիւն ունէին իրարմէ. վերջապէս յայտնի էր թէ մայր մը կար դորովասիրտ եւ որդի մը, որ իւր մայրը կը պաշտէր: Բայց յանկարծ այս մայրը իբր խոր քունէ արթնացաւ, թողուց զաւկին ձեռքը.
– Սակայն դու, որդեակ Գրիգոր, որ այս ժամուս կը հասնիս, անշուշտ անօթի ես. ձայն չես հանէր, եւ ես` վա՛յ ինձ, որ քեզմով միայն համրացեալ` բոլորովին մոռցայ հարցնել… Աղջկո՜ւնք, – կ'ըսէր նաժիշտներոմէ, – շուտ կերակուր հրամայեցեք…
– Իրաւ, սիրելի մայրիկ, ութ թերեւս աւելի ժամ կայ, որ ոչ հաց եւ ոչ ջուր մտած է բերանս, բայց որ քեզ տեսայ մոռցայ անօթութիւն եւ յոգնածութիւն:
– Ո՜հ, – կ'ըսէր մայրը դարձեալ տեսնելով տղուն փոշին եւ քրտինքը, – շուտ ջուր բերէք, զգեստ բերեք…
Եւ երբ կոնքը աղախին մը գուճս բռնած` ուրիշ մը ջուր կը լցնէր, ինք Տիկին մայրը ձիւնի պէս թեւերը սոթտած փոքրիկ բօթիկ ձեռքերով իր զաւակին գլուխը կը լուանար. ծայրերը ոսկեթել բանուած ղենջակով մը սրբեց մազերը, որդուոյն սիրուն գլուխը իւր ձեռքերուն մէջ` համբոյր մը դրաւ ճակատին, եւ նա մայրենի ձեռքը համբուրեց գգուանօք եւ շնորհակալ սրտիւ:
Երիտասարդը կ'ընթրէր եւ մօր հարցմունքներուն կը պատասխանէր միանգամայն:
– Ռշտունեաց Ոստանը չի բաղդատուի մեր պզտիկ դղեակին եւ լճին հետ, բայց եթէ հոն մեծութիւն, ընդարձակութիւն կը տիրէ, հոս վայելչութիւն մը կայ, որ կը գրաւի, հոն եթէ Սէթայ տիկին ընդարձակ գաւառի մը իշխանուհի կը հրամայէ, կը սաստէ, կը պատժէ, կը փււխէ, միշտ զբաղուած հազիւ թէ կանոնաւոր ժամանակ ունենալով ճաշելու եւ ընթրելու, հոս, Բիւրեղ տիկին լռիկմնջիկ նոյն գործքերն աւելի սահմանափակ գաւառի մը մէջ կը կատարէ եւ մայրաբար:
– Դու, որդեակ, լաւ ըսիր թէ հոն ընդարձակ գաւառ մը կայ կառավարելու, եւ ես կը խոստովանիմ թէ Սէթայի ըրածը կարող չե՛մ ընել: Երբ մենք պզտի եւ տարեկից էինք` նա արդէն իր հասակաւ, իր համարձակութեամբ, գործունէութեամբ, եռանդուն բնաւորութեամբ մեծին եւ փոքրին վրայ տեսակ մը իշխանութիւն կը վարէր իւր հայրենի տան մէջ. առանց Սէթայի խորհուրդ հարցնելու բան մը չէ՛ր կատարուէր տան մէջ, իսկ ես, որ իր փոքր քոյրը կը կարծուէի` կը զարմանայի այդ Ամատունեաց Օրիորդին վրայ, որ շատ անգամ առնացի ծպտեալ եղբայրներուն հետ որսի կ'երթար, ժայռերու, ափափայներու վրայ կը ձիավարէր յանդուգն քան զամեն երիտասարդը, եւ որ զարմանալին է` այսպիսի որսի արշաւանքի մը մէջ Թէոդորոս իրեն հանդիպելով եւ առանց սեռը իմանալու` այդ պատանուոյն հետ սիրով կապուէր էր. ուստի օր մը յանկարծ Ամատունեաց դղեակն երթալով եւ իւր եղբարց հետ տեսութենէ վերջ Սիսակը հարցնելու ելեր էր: Եղբարքը շփոթած էին պատասխանի համար, երբ Սիսակ դարձեալ երեւցեր էր Ռշտունեաց իշխանազունին ծանր եւ լուրջ, եւ ամէն նիւթի վրայ ցոյց տուած էր իր սրամտութիւնը: Թէոդորոս, որ 15 – 16 տարու տղու մը հետ տեսութիւն ընել կը կարծէր` յափշտակուած էր դեռաբոյս հանճարեն, բայց վերջն իմանալով թէ Ամատունեաց Օրիորդն է այդ Սիսակը եւ լաւ գիտնալով իւր հօր` Վահրամ Ռշտունուոյն, խստութիւնը հայրենական աւանդութեանց պահպանութեան մասին, գաղտնի խնդրէր էր Սէթայէ, որ այդ համարձակութիւնքը չափաւոր է, եւ քիչ վերջը ծնողաց հաւանութեամբ ամուսնութիւնը կատարուեցաւ: Ուստի մի՛ զարմանար եւ մի բաղդատէր մեր հակառակ բնաւորութիւնները, ինչպէս քու հայրդ, աստուած լուսաւորէ հոգին, խաղաղասէր, հանդարտ, անկարելի էր բաղդատել Թէոդորոսի բուռն եւ խիստ բնաւորութեան հետ:
– Բայց դարձեալ ուսկի՞ց է, որ Ռշտունեաց ընդարձակ գաւառը եթէ գոհ է իւր Տիկնոջ կառավարութենեն, մեր Կ'ոգովտի գաւառը աւելի գոհ ու երջանիկ է իւր տիրուհուոյն կառավարութենեն:
– Այս նաեւ շատ դիւրին է բացատրէի Սէթայ պարտաւոր է իր Թէոդորոսի պատերազմասէր բնաւորութեան եւ պաշտօնին պիտոյքը հոգալ, զօրք եւ դրամ հասցնել, ո՜յ գիտէ, երբեմն արտաքոյ կարգի յարկեր ձգել երկրին վրայ, երբ մե՛նք` մանաւանդ հօրդ մահուանեն վերջ` կը տեսնես թէ ի՛նչ խնայութեամբ կապրինք… ես կը ճանչեմ Սէթայի բնաւորութիւնը` շատ առատաձեռն է…
– Ո՛չ, մայր իմ, այդ մասին կը սխալիս, Ռշտունեաց Ոստանը` շատ աւելի խնայողութիւն կայ քան թէ հոս. Տիկինը ծեր հազարապետ մը ունի` վերակացու իւր տան` Յուսիկ անուն. մարդ, որ եթէ ագահութիւն բառը չլինէր աշխարհքիս վրայ, կարծող էր ստեղծել. ամէն ոք կը գանգտի նորա դէմ, Տիկինն ինք առաջին, բայց ի՛նչ օգուտ, նա իր ընելիքը կը շարունակէ անխռով:
– Սէթայ ինչպէ՞ս կը համբերէ այդ մարդուն, իշխանը ուրեմն
– Ո՛չ, Սէթայ ինքն այդ մարդը պաշտօնի կարգեր է, եւ թէպէտ ամէն օր հետը կը վիճէ, բայց միշտ կը պահէ, եւ կը զրուցէ նաեւ թէ իր ամենահարկաւոր մարդը Յուսիկն է:
– Կ'երեւայ թէ Սէթայ ինքզինքը կը դաստիարակէ, – ըսաւ Բիւրեղ ծիծաղելով: – Բայց դու ինչպէ՞ս ժամանակդ կ'անցնէիր, Վարդ ինչպէ՞ս տեսար, ես փոքր տղայ զինք ճանչցած եմ:
– Շատ լաւ կորովի պատանի մ՚է, իւր մեծ զուարճութիւնը որսն է, երբեմն իրեն կ'ընկերանայի:
– Ըսել կ'ուզես թէ ակամայ:
– Բնական է, մայրիկ, ես միտքս չե՛մ դրած թէ մարդս միայն լեռները չափելու հայքար է ստեղծ եալ, մարդ ունի նաեւ աննիւթական մաս մը` նիւթականին հետ այն ալ պէտք է յագեցնել:
– Հիմա որ ընթրեցիր, ժամ է երթաս հանգչիս:
– Բայց, մայրիկ, քոյրերս երկուքն էլ քնացա՞ծ են, լաւ՞ են, առոյ ղջ են:
– Երկուքն էլ լաւ եւ հանգիստ են:
– Քեռիս, Կամսարականն ո՞ւր է:
– Քու Վասպուրական երթալեդ երկու-երէք օր վերջը թողուց գնաց Շիրակ, նա գիտես, առանց քեզի չի կրնար ապրիլ: Կ'երեւի թէ Բադրեւանդ իրեն համար անապատ է, երբ դու չի կաս: Հաւանական է թէ վաղը կամ միւս օր կ'ուգայ:
– Ես էլ զինքը շատ կը սիրեմ, բայց կը փափագէի, որ զիս քիչ մը հանգիստ թողուր իւր զինամարզութեամբք եւ քարոզութեամբք, որ միշտ կսկսին` «Մամիկոնեանց եւ Կամսարականաց սերունդի մը այսպէս կը վայելէ լինիլ կամ այդպէս չի վայելէր»:
– Շատ բարի, որդեակ իմ, – ըսաւ մայրը ժպտելով, – կարծեմ թէ երեք օր մը ազատ կրնաս լինիլ մօրեղբօրդ ձեռքեն, դժբախտութիւն մը եթէ կայ, հոն է, որ մայրդ զքեզ ազատ պիտի չի թողու, երբ ամսուան մը հեռաւորութեամբ այնչափ կ'արօտցէր է:
– Այդ դժբախտութիւնը դու լաւ գիտես, սիրելի մայր, թէ իմ երջանկութիւնս է:
Այս ըսելով Գրիգոր մօրը ձեռքը համբոյրներով կը ծածկէր, եւ հրկուքն էլ կը պատրաստուէին ելնելու, երբ ամրոցին մեծ դռան զարկը երեք անգամ բախեց: Գրեթէ կ'էս-գիշէր էր, մայր ու տղայ իրարու երես նայեցան եւ իրենց նայուածքը հարցական մ՚էր թէ ո՞վ կրնար լինիլ այն ժամանակ եկողը:
Նոյն հարցմունքը կրկնուեցաւ նաեւ նոյն միջոցին վարը պահապանաց եւ զօրականաց սենեակներուն մէջ: Զաւէն անձնապահապետը, որ կօշիկները հանած` նստած տեղը մրափելով իր մարսողութիւնը կը կատարէր, ցատկեց շտկուեցաւ եւ իւր երկու խոր եւ փայլուն աչքերը դէպի դուռն սկսան նայիր Դուրսի մեծ դռան պահապաններուն ամէնքը ուշ կը դնէին եկողին կամ եկողներուն հետ կը խոսէին: Զտուեն արագութեամբ սուրը գլխուն վրայեն յափշտակելով դուրս ելաւ եւ դուռը դիմեց:
– Բացէ՛ք, բացէ՛ք, իշխանն է, Հայոց զօրավարը, Թէոդորոս Ռշտունին, – կ'ըսէր դուրսեն ձայն մը:
– Այս ժամանակ ամրոցին դուռը չի բացուիր, – կը պատասխանէր դռնապանը, – ո՛վ կուզէ թող լինի: Վաղն առաւօտ լոյծս աչքով բարի եկաք, հազար բարով:
– Տէ՛, դուք հայ չէ՞ք, քրիստոնեայ չէ՞ք, Հայոց զօրավարը գիշերով դուրս կը ձգէք:
Այս վիճաբանութեան վրայ էին, երբ Զաւէն` դռնապանին քովն եկաւ եւ կամաց ձայնով քանի մը խօսք զրուցեց եւ մթութեան մէջ անհետ եղաւ: Նոյն միջոցին դուրսն էլ լռութիւն հաշորդեց:
Զտուեն շրջան մը ըրտվ բերդին քարաժայռին մէկ կողմը, գաղտնի փոքրիկ դռան մը գնաց եւ ամենայն զգուշութեամբ բացաւ. հոն պահապան մը դնելով ինք անշշունջ ելաւ դուրս եւ իջաւ վար նայելու համար թէ ի՛նչ մարդիկ էին եկողները, տեսաւ քանի մը ձիաւորք, որ կեցէր կը գանգտէին թէ Հայոց զօրավարը անձամբ հասնելով դռները փակ պիտի գտնէր, եւ թէ այդ անծանօթը պատճառ եղած էր զիրենք ի Վարդանաբերդ բերելու: Այս խօսքերը լսելով Զտուեն առանց դանդաղելու դարձաւ մտաւ իւր փոքրիկ դռնեն ներս եւ ամուր աղխելեն վերջ գնաց դռնապանին եւ հրամայեց դռները բանալ անյապաղ:
– Բարո՜վ, բարով, եղբա՛րք, ձեր գալուստը, – ըսաւ Զաւէն, – մի՛ զարմանաք եթէ զգուշութեամբ կը շարժինք այսպիսի ժամանակ, դուք էլ մեր տեղն եթէ լինիք կարծեմ թէ այսպէս պիտի շարժէիք:
– Ճշմարիտ է, եղբայր, ըսածդ, բայց մենք Հայոց զօրավարին անունը ձեզ տուինք, որ ճամփան շեղեց գիշերս հոս օթագայելու համար, եւ այդ` հրաւիրանոք Կամսարական Սուրէն իշխանի մը, որ մեզի հետ ընկերացաւ, – պատասխանեց զօրականաց մէկը, որ աւելի նշանաւորն էր իր ընկերաց մէջ, արեւեն սեւցած երեսովը, փայլուն աչքերովը, վզին ահագին հաստութեամբը:
Զաւէն շուտ մը ներս մարդ ղրկեց իմացնելու համար Թէոդորոսի գալուստը Սուրէնի հետ: Արդէն Տիկինը եւ Գրիգոր պատուհաններէն մտիկ ընելով եւ լսելով այս խօսակցութիւնը, հրամայեցին սպասաւորաց լուսաւորել դահլիճը, երբ ձիոց խխնջիւններու եւ սմբակներու ձայնը, զինուց շառաչիւնը եւ ջահերուն աղօտ լուսին փայլը անսովոր եւ յանկարծական կենդանութիւն տուին Վարդանաբերղի գաւթին, կէս-գիշերուն լռութեան մէջ:
Պալատին ներքին դուռը բացուեցաւ, սպասաւորը ջահեր ձեռվնին եւ Գրիգոր առջեւեն իջան հիւրերը դիմաւորելու, եւ ահա ինքն Հայոց զօրավարը եւ քովեն Սուրէն Կամսարական սանդուխներէն վեր կ'ելնէին:
– Որդեակ Գրիգոր, բարի է գալուստդ, – ըսաւ Սուրէն եւ պատանին համբուրեց, – քեզ այս երեկոյ տեսնելու յոյս չունէի: Ահա այս գիշեր ձեզ երեւելի հիւր մը բերի, տեսնենք ի՞նչ ընդունելութիւն պիտի ընես:
– Ռշտունեաց Տէրը մեր փոքրկութիւնը կը պատուի, ինքն է տանտէրը, ինքն, որ յոյս եւ ապաւէն է բոլոր այ ազգին:
– Յոյս եւ ապաւէն աստուած ինքն է միայն, որդեակ իշխանազուն, – ըսաւ Թէոդորոս իր խոր եւ մեծ հայեցուածքը պատանուոյն վրայ դարձնելով:
Այսպէս մտան մինչեւ մեծ դահլիճը այս երեք անձինք հետեւեալ քանի մը սպասաւորաց եւ թիկնապահաց, ուր վառարանը արդէն փայտերու բոցով կը ճարճատէր եւ կանթեղներու լոյսը կը զօրացնէր: Այդ աշնան ժամանակին գիշերները բաւականին զգալի եւ ցուրտ են Հայաստանի այս կողմերը, եւ Թէոդորոս ախորժ աչօք նայեցաւ այդ բոցոյն եւ մօտեցաւ վայրկեան մը վառարանին:
Իսկ երբ Հայոց զօրավարը թողուց վառարանը եւ դարձաւ` Սուրէն ու Գրիգոր անհետացած էին. իւր թիկնապահաց ակնարկ մը ձգեց, եւ ահա մէկը յառաջացաւ` սաղաւարտն առաւ գլխեն, եւ իւր նշանաւոր գլուխը երեւցաւ: Թէոդորոս Ռշտունեաց Տէրը միջահասակ եւ հազիւ թէ յիսուն տարու մարդ մը կ'երեւար այն ատեն. իւր լայն ճակատը, իւր յօնքերու զօրեղ կամարը, իւր ծանր եւ անխռով նայուածքը, իւր արծուի քիթը, իւր լայն կուրծքը, իւր բոլոր կերպարանաց հզօր համեմատութիւնը, աւելցնենք ասոնց վրայ իւր հակիրճ եւ վճռական խօսակցութիւնը` առաջին ակնարկին յայտնի կ'ընէին նշանաւոր մարդը, որ հրամայելու համար ստեղծուած էր:
Նոքա, որ կը ճանչէին զինքը, գիտէին իւր արդարութեան ոգին, գիտէին իւր քաջասրտութիւնը, գիտէին իւր անդրդուելի հաստատամտութիւնը, իւր հայրենի կրօնից հաւատարմութիւնը, եւ որ հազուագիւտն էր` մեծ եւ պզտի նախարարաց մէջ` գիտէին ժողովյչրդեան վրայ անազատ եւ շինական ժողովրդեան վրայ իւր ունեցած գութը, որ միայն ճշմարիտ հայրենասիրութիւն կրնայ համարուիլ: Շատ անգամ, երբ բարձակից նախարարաց հետ կը խոսէր, կը յիշեցնէր թէ իրենց պարտաւորութիւնը ժողովրդաց հայր եւ պաշտպան լինիլն էր եւ ոչ հարստահարել, թէ աստուած համար պիտի պահանջէր այն անիրաւութեանց, որ հաւասար օտարին` կը գործադրէին զանազան գաւառներու մէջ: Եւ իշխանք, որ զաստուած շատ հեռու կը գտնէին իրենց անզգամութեանց սանձ դնելու համար` Թէոդորոսի երկիւղեն արդարութեամբ կը կառավարէին իրենց վիճակը: Ճշմարիտ հայրենասիրութիւն, որ ոչ զազգը շողոքորթելու եւ ոչ նախատելու մէջն է` կը զգար իւր արդար սիրտը եւ ուղիղ խորհրդածութիւնը. ինք կը տեսնէր եւ լաւ կը հասկնար թէ հայ ազգին թշուառութեան պատճառն զօրաւոր ազգային կառավարութիւն մը չլինելեն եւ նախարարաց անկոպար իշխանութենեն առաջ կ'ուգար, որով երկրին մէջ կատարեալ անիշխանութիւն եւ փոքրիկ բռնաւորներ կը տիրէին, ստրուկք եւ խաղալիք օտարին: Եթէ ինք, որ հանճարի մարդ էր կը ջանար համոզել նախարարաց երեւելիքը միանալ դաշնակցութիւն մը կազմել օտարին բռնութենեն ազատելու հայրենիքը եւ արդարութիւնը թագաւորեցնելու համար, կային այնպիսի թուլամորթ կամ չարակամ կամ կարճատես մարդիկ, որ փախուստ կ'ուտային այդ միաբանութեան կապեն, երկրին տարածութիւնը, լեռներու անջրպէտքը ցցնելով, որոնց Թէոդորոս կը հարցնէր իրաւամբ թէ «ինչպէ՞ս ուրեմն այդ ընդարձակ տարածութեան մէջ` այդ լեռներու բարձրութենեն հայ կրօնք եւ հայ լեզու կրցեր էր ճամփայ գտնել եւ միացնել այդ ժողովուրդները հայ ազգութիւնը կազմելու համար»: Այդ մարդը, որ աչքերը տնկած Սասանեանց հզօր գահույից անկումը գուշակած էր, վասնզի ապականութիւնը եւ փտութիւնը տեսած էր թէ ի՛նչ աստիճանի հասած էին հոն Տիզբոնի մայրաքաղաքին մէջ, այդ մարդը, որ նոյնպէս Կոստանդնուպոլիս նոյն տեսարանը նկատած էր Բիւզանդական խարդախ եւ թունալից կառավարութեան մէջ, եւ հիմա կը տեսնէր Արաբիոյ անապատներէն վայրենի եւ բարբարոս կրօնամոլ ամբոխ մը, որ հազիւ թէ լսելի եղած աշխարհքիս` իբրեւ հրաբուխի բորբոքեալ գետ մը կը դիմէր, կը հասնէր, կը տոչորէր յաջորդաբար Դամասկոս, Եփես, Երուսաղէմ, Հալէպ, Անտիոք, Մեմփիս, Աղեքսանդրիա, Տիզբոն, որ ոչինչ չէր խնայէր, ոչ հասակ, ոչ սեռ, ոչ ալիք, ոչ սրբութիւն եւ ոչ կրօն, եւ որ սոսկալին է, կը տեսնէր ույդ հրեղէն գետը հասած դիզուած Հայաստանի սահմանագլուխը սպառնալից. դառնացեալ կը մտածէր եւ իր բոլոր միտքն ու ջանքը հոն էր, որ այս պատուհասը հեռացնէ իւր հայրենեաց վրայեն: Եւ այս վիճակին դարման տանելու համար Յունաց Սպարապետը գնացեր տեսեր էր Կարին, եւ համոզէր էր զինքը ամենայն քաղցբութեամբ` զօրաւոր փաստերով եւ ապագային ահագին վտանգներն առաջ դնելով թէ պէտք էր շարժիլ եւ շարժիլ ամէն զօրութիւն: Եւ ինք անգործ չի մնալով կը շրջէր գաւառէ գաւառ` կը յորդորէր զամենքը եւ կը զօրացնէր հայկական գունդը:
Այս պտտճառաւ անցէր էր նաեւ Շիրակայ, որ այն ժամանակներ Կամսարականաց կը պատկանէր, եւ ուր Սուրէն իրեն ընկերացեալ զօրաց մեծ մասը Վարդանայ կերտ թողլով` փոքր խումբով Վարդանաբերդ եկած էր Կամսարական իշխանին թախանձանոք, որպէսզի աւելի հանգիստ ըէէ:
Հազիւ թէ սաղաւարտը թողէր էր Թէոդորոս` կապոց մը գիշերային զգեստներ բերին սպասաւորք եւ Հայոց զօրավարը բոլորովփն սպառազինութիւնը թողած առաւ սամոյրը վրան եւ երբ կուզեր տարածուիլ բազմոցին վրայ հանգչելու համար, ներս մտաւ Սուրէն քրոջը հետ միասին: Մամիկոնեան Տիկինը կ'ուգար համառօտ եւ ազնիւ խօսքերով բարի գալուստ մաղթելու Հայոց զօրավարին: Թէոդորոս քաղաքավար եւ քաղցր շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն եղած հիւրընկալութեան, մանաւանդ որ ինք միշտ կը յիշէր թէ ինչ սերտ բարեկամութիւն կը կապեր Մամիկոնեան Տիկինը իւր կնոջ հետ:
– Ես շատ ուրախ եմ, Տէր, պատասխանեց Տիկինը, որ Գրիգոր այս վայրկեանիս դառնալով Ռշտունեաց Ոստանեն, ինձ բարի Հուրեր տուաւ ձեր Տիկնոջ եւ զաւակաց վրայ:
– Նո՞ր կ'ուգաս Ոստանեն, որդեակ Գրիգոր, եւ ամէնը ո՞ղջ, առո՞ղջ էին:
– Այո, Տէր, – պատասխանեց Գրիգոր:
– Երկիրս ի՞նչ վիճակի մէջ տեսար, որդեակ:
– Երջանիկ այնքան, որքան ոչ մի տեղ Հայաստանի մէջ:
– Ինչպէս Կ'ոգովտի գաւառը: Երկու-երէք անգամ այս տարուան մէջ անցայ այս տեղաց. եւ միշտ, ինչպէս սովորութիւնս է, գեղերը գիշերեցի. ամէն տեղ տեսայ երջանկութիւն. եւ Մամիկոնեանց Տիկնոջ գովութիւն եւ օրհնութիւն լսեցի այդ բարի եւ պատուական շինականաց բերնեն: Քիչ-քիչ ինձ համոզմունք կը դառնա թէ մենք երջանիկ ընելու համար ժողովուրդը կանանց պէտք է յանձնենք երկրին կառավարութիւնը, եւ միայն պատերազմով զբաղինք, միայն եթէ այն եւս կարէնայինք յաջողութեամբ ի գլուխ հանել:
Եւ այս վերջի խօսքերն այնպիսի տխուր եղանակով մը զրուցուեցան, որ Սուրէն անգամ սկսաւ մտածել թէ ինչ պատասխան պէտք էր տալ: Բարեբախտաբար երկու սպասաւորք փայլուն պղնձէ սեղան մը բերին արծաթեայ սկաւառակներով բեռնաւորեալ, որ զանազան համադամք կը պարունակէին:
Տիկինը քաշուեցաւ գնաց իւր սենեակները, Սուրէն միայն սեղանակից եղաւ իշխանին, որ սակաւապետ եւ չափաւոր ընթրիքը շուտով վերջացուց եւ բարի գիշեր մաղթելով Սուրէնի եւ Գրիգորի իրեն պատրաստուած անկողինը մտաւ զբաղած երկրին պաշտպանութեան խորհրդովք մինչեւ որ քունը հասաւ մտքին եւ մարմնուն հանգիստ տալու համար: Նոյն վիճակին մէջ է նաեւ Գրիգոր, բայց իւր միտքը երկրի պաշտպանութեամբ չէր զբաղէր, այլ Ռշտունեաց Օրիորդին քաղցր պատկերը զինք կը յուզէր:
ԳԼՈՒԽ Բ
Սուրէն Կամսարական քառասնամեայ անձ մ՚էր, թիկնաւէտ, յաջողակ զէնքերու մէջ, կորովի ձեռոք եւ մտօք ինք. Կամսարական զարմին ամենեն փոքր եղբայր լինելով եւ անզաւակ, եւ իւր կինը կորսնցնելով` որ շատ կը սիրէր, գրեթէ թողած էր հայրենի տունը Շիրակ, եւ իւր քրոջ Բիւրեղի վրայ մեծ սէր ունենալով նրա հետ կը բնակուէր Կոգովփտ: Բայց քանի որ Գրիգոր կը մեծնար, իւր` Գրիգորի վյրայ սէրն էլ օրաւուր կը մեծնար: Գրիգոր հանդարտ եւ խելօք էր բնաւորութեամբ, իւր հօրը` Դաւիթ Մամիկոնէի պէս, որ տկար եւ հիւանդոտ լինելով չունէր հայ նախարարաց այդ ընդհանուր եղած զուարճութեանց, որսի, պատերազմի, մականախաղի, պերճութեան եւ անառակութեան սէրը, այլ ընհակառակն իւր մտաւոր կարողութիւնքը մշակելով` ուսմանց եւ գիտութեանց սէր ունէր: Նա նոյնը իւր զաւկին հաղորդէր էր: Վարդանաբերդ հայերէն եւ յունարէն գրոց հարուստ մատենադարան մը ունէր, եւ Մամիկոնեան իշխանին միմիայն ուրախութիւնն էր եւ մխիթարութիւն տեսնել իւր Գրիգոր վարժ եւ յաջողամիտ. ժամանակին գիտութեանց մէջ տարիքեն յառաջադէմ: Իւր պալատը միշտ լեցուն էր գիտնական վարդապետներով եւ աշխարհահած ճամփորդներով. եւ Գրիգոր ուշի-ուշով մտիկ կ'ընէր ամէն խօսակցութիւն, որ նոր էին իրեն համար եւ միտքը կը զօրացնէին: Թէպէտ ծնողքը գոհ էին իրենց զաւկին մտաւոր զարգացմանեն, բայց նոյնը կարելի չէր զրուցել Սուրէնի համար, որ երբ Դաւիթ հոն չէր, կը մտնէր Գրիգորի սենեակը եւ յափշտակելով գրքերն առջեւեն, «Մամիկոնեան պատանուոյ մը համար շատ է եւ բաւական ինչ որ գիտես, քիչ մ՚էլ ուրիշ մարզերու նայինք» ըսելով` սուսերամարտութեան, նիզակախաղութեան եւ ձիամարզութեան կրկնութիւններ ու կը զբաղեցնէր, առանց ուշ դնելու իւր քրոջ դիտողութեանց. շատ անգամ որսի տանելով հետը լեռներ, սարեր, ձորեր հետի կը քալցնէր, եւ երեկոյին, երբ Գրիգոր յոգնած, դադրած, տուն կը դառնար գրեթէ անկարող շարժուելու, ինք Սուրէն առաջինն էր նրա ծնողաց ըսելու թէ «Ահա այսպէս Վարդաններ եւ Վահաններ կը զարգանան եւ կը հասնին, եւ ոչ գրքերու առաջ ժամեր անցնելով»: Իսկ Դաւիթ, որ կը տեսնէր թէ տղան օրաւուր կը զօրանար այդ մարմնամարզութենեն ժպտելով կ'ըսէր. Սուրէն եւ ես առանձին կատարեալ մարդ չենք, ես կարող միտք միայն եմ, նա կարող մարմին միայն է. աստուած տա, որ Գրիգոր երկուքն էլ ունենա:
Սուրէն զօրաւոր կազմուածքի տէր եւ անխռով միտք, վասնզի ներկան` օրը եւ ժամը միայն կը մտածէր սովորաբար, որ ոչ Թէոդորոսի պէս ազգին չափազանց սիրահարն էր, եւ ոչ Գրիգորի պէս Ռշտունեաց Օրիորդին, անկողին եւ քուն մտաւ միանգամայն, եւ երբ արշալոյսին հետ արթնացաւ, դիմեց դահլիճը, տեսաւ, որ Թէոդորոս արդէն չի կար: Սպասաւոր մը թուղթ մը տուաւ իրեն, որ չի լուսացած` սուրհանդակ մը բերած էր Թէոդորոսի, եւ որովհետեւ հրաման էր ո՛ր ժամանակ լինէր ամէն լուր իրեն հաղորդել րոպէին, թիկնապահքը մտէր էին սենեակը եւ աւէր էին թուղթը. Թէոդորոս շուտ մը սպառազինեալ հեծէր էր երթալու եւ Սուրէնի սպասաւորաց մէկուն տալով իր ընդունած թուղթը, մեկնէր էր: Սուրէն կարդաց այդ համառօտ նամակր. – Ատոմ Շահունի առ Թէոդորոս Ռշտունի. «Գիտութիւն լիցի, Հայոց զօրավար, որ յունաց բանակը կը մտնէ մէկ կողմէ, իսկ արաբր երկու զունդ բաժնուած, մէկը Երասխ անցէր է ի Նախջուան, միւս Արտազ մտէր է»:
Վայրկեան մը մտածեց Սուրէն եւ գնաց զգեստները հագաւ, երբ Գրիգորի ուղղուեցաւ` տեսաւ քոյրը, որ զինքը դիմաւորեց, եւ քաղցր ժպտով երկու ձեռները տարածելով` թող չի տալով, որ առաջ անցնի`
– Ո՛չ, – ըսաւ, – Գրիգորը թող որ հանգչի:
– Բայց դու չես գիտէր, որ Թէոդորոս գնացեր է արդէն:
– Ինչպէ՜ս չեմ գիտէր, ես տեսայ նորա երթալը. բայց իմ զաւակս Հայոց զօրավար չէ, պէտք է որ հանգչի` քուն լինի եւ այս տարիքին մէջ զօրանայ:
– Ահա՜ կանանց ամենեն լաւը՛, – գոչեց Սուրէն. – եթէ ձեզի թողուի տղան ճգնաւոր, վարդապետ, շատ-շատ թուլամորթ կաթողիկոս մը պիտի րնէիք… Գիտե՞ս ի՜նչ ժամանակի մէջ ենք, գիտե՞ս թէ վաղր ի՞նչ կրնայ հասնիլ գլուխնիս, ո՛չ դու միայն այն կը մտածես թէ Գրիգոր աչքեդ չի հեռանայ, անհանգիստ չլինի, իւր ամէն կամքը կատարուի: Բայց ես կը մտածեմ, որ Գրիգոր իր խելքով, իր գիտութեամբ ոչ միայն Վարդանաբերդ նստի, Կոգովիտ եւ Բագրեւանդ կառավարէ մօրը պէս եւ մօրը պէս գոհ ընէ այդչափ ով զամենքը` նաեւ Թէոդորոս Ռշտունին, այլ ես կ'ուզեմ, որ լինի աւելի քան այս Ռշտունեաց Տէրը թէ հոգուով եւ թէ մարմնով, ես կուզեմ…
– Գիտեմ քու ամէն զրուցելիքներդ, շատ իրաւունք ունիս, բայց դու այնչափ բարձր կը խօսիս, որ Գրիգոր կրնայ զարթնուլ, ե՛կ իմ սիրելի եղբայրս, եւ ինչ որ պիտի խօսիս իմ սենեակս խոսէ:
Այս ըսելով այդ գեղեցիկ կինը առաւ քաղցր բռնութեամբ եղբօրը ձեռքը եւ տարաւ սենեակը նստէուց. դիմացը կանգնելով եւ ձեռքերը կուրծքին վրայ ծալլելով:
– Հիմա հոս զրուցէ՛ ինչ որ կ'ուզես, բոլոր ուշս քեզի է, – ըսաւ ժպիտը միշտ շրթունքներուն վրայ:
– Ժպտելու ժամանակ չէ, քոյրիկ: – պատասխանեց Սուրէն ձեռքի թուղթը ցցելով եւ կարդալով նամակին վերջի խօսքերը:
– Եթէ յունաց բանակը Բագրեւանդ կը մտնէ` կը նշանակէ թէ մեր պաշտպանութեան կը դիմէ. եթէ Թէոդորոս կը շտապէ եւ կանուխ կը վազէ կ'երթայ կը նշանակէ թէ նախջուանայ կողմը մեր պաշտպանութեան կը դիմէ. եւ այս բանիս համար պէտք է որ ժպտի՞լն էլ արգիլուի:
– Ահա՜ կանանց ամենեն լաւը, – կրկնեց Սուրէն: – Այդ խօսքերով կարծեցիր թէ ինձ պատասխա՞ն տուիր: Այսպիսի վիճակի մէջ բաւակա՞ն է ըսել թէ Թէոդորոս գնաց արաբաց դէմ, եւ մենք պէտք է ոտքերնիս, ձեռքերնիս արածենք անհոգ, անպիտան, դանդաղ նստինք: Այդ մարդր` այդ Թէոդորոս երբ «այդ թուղթը Սուրէնի տուէք» կըսէ, այն կ'իմանայ, որ Սուրէն պէտք է շարժի, առնու Մամիկոնեանց զաւակը եւ դիմէ հոն, ուր արաբր կ'արշաւի, թումբ լինելու համար այդ սոսկալի թշնամուոյն դէմ, որուն առաջ ոչ բաւական ամրութիւն կայ եւ ոչ նուիրական բան մը աշխարհքիս վրայ:
– Բայց այդ Մամիկոնեանց շառաւիղը դեռ տասնեօթ տարու պատանի մ՚է, յոգնած` նոր ճամփէ եկեր է, կէս-գիշերն անցած հազիւ անկողին մտէր է, իւր տարիքին մէջ օրէնք չէ, որ այդ կատաղի գազանաս դէմ հոգին եւ մարմինը վտանգի դնէ եւ իւր հօր տան ծուխը մարէ:
– Շատ կ'ուզէի, որ այս խօսքերը Թէոդորոսի անգամ մը զրուցէիր…
– Ի՞նչ գաղտնիք կամ ամօթ կայ այս խօսքերուս մէջ, որ չի կարէնայի զրուցել. կարծեմ Վարդ երէկ իրիկուն հօրը հետ մէկտեղ չէր եւ չեմ կարծէր թէ վարը զօրականաց հետ ընթրեց, եւ հայրը բռնի մօրը գրկեն առաւ որդին արաբաց դէմ պատերազմելու կամ թումբ շինելու համար:
Այս խօսքերուն երբ Սուրէն սրտնեղութեամբ բերանը բացաւ պատասխանելու, Բիւրեղ առանց ժամանակ տալու «Ահա՜ կանանց ամենեն լաւը», – գոչեց ծիծաղելով եւ նոյն րոպէին փոքրիկ ոտնաձայն մը լսելով սենեակին մէջ ետին դարձաւ եւ գեղեցիկ վեց տարեկան աղջիկ մը Սուրէնի գիրկը դրաւ. իսկ Սուրէն այդ սիրուն տղեկը գրկին մէջ սղմելով եւ համբոյրներով ծածկելով.
– Սիրո՜ւն, աննման Արփենի, – կ'ըսէր, – ահա՛ կանանց ամենեն լաւը դու ես, երբ մեծնաս` սա մայրիկեդ աւելի խելօք պիտի լինիս, ջանաս, որ քու զաւակներդ թուլամորթ, հոյլ դանդաղ չլինին…
– Ո՛չ, ո՛չ այսպիսի զրպարտութիւն զաւկիս համար չեմ ընդունիր, – եւ դռան մէջ տեսնելով որդին, – լաւ ժամանակին կը հասնիս, Գրիգոր, քեռուոյդ պատասխան տուր եւ հասկցու իրեն թէ ոչ թուլամորթ, ոչ հոյլ եւ ոչ դանդաղ ես:
– Իմ փափագս ալ այն է, որ ինձ իմացնէ Գրիգոր թէ ինք ըսածներուս բոլորովին հակառակ ժիր, գործունեայ, եռանդուն է, եւ գիտէ ժամանակին առնուլ իւր զէնքերը, ազգի, կրօնքի եւ հայրենի իրաւանց վրայ պատերազմիլ:
– Եթէ դոքա վտանգի մէջ են ո՜ր մարդ կրնայ առանց վատութեան դրոշմր ճակտին կրելու փախուստ տալ այդ պարտաւորութենեն, – ըսաւ Գրիգոր ծանրութեամբ, եւ առաջ անցնելով առաւ իւր գիրկը Արփենին, որ իւր փափկաթոյր թեւերը եղբօր վզին փաթաթելով, ուրախութեան համբոյրներով եւ տարիքին յարմար խօսքերով կը պատասխանէր այս գրկախառնութեան:
Իսկ Բիւրեղ անգամ մը այդ տեսարանին լռելեայն աչք ձգելեն վերջ` լռելեայն դուրս ելաւ, որպէսզի ոչ եղբայր եւ ոչ զաւկները տեսնեն իւր արտասուքը:
Կաթիլ մը արտասուք շատ անգամ այնչափ գաղտնիք կը պարունակէ, որ յանձնապաստան եւ յիմար մարդ մը ոչ կը զգայ եւ ոչ կրնայ իմանալ, իսկ խոհուն մարդուն համար մտածութեան նիւթ մ՚է: Այդ կինը` երիտասարդ, գեղեցիկ, քաղցր, զգայուն, որ իր եղբօ՞ր հետ ոտն առ ոտն կը կռուէր եւ կուզեր հեռացնել ամէն վտանգ որդուոյն գլխեն, ոչ միայն պաշտպան, յոյս, ժառանգ անձին, զաւկներուն եւ երկրին կը տեսնէր այդ տղուն վրայ, այլ նաեւ իւր հօր կենդանի յիշատակն էր իր աչքին, անցեալ երջանիկ օրերու, որ չեն դառնար, երբ անգամ մը սրանան հեռանան, եւ մարդս իր երեւակայութեան մէջ անոնք կուզէ բերել, դարձնել, մեռածը կենդանացնել, այդ արտասուքը այդ փափագներուն վկաներն էին: Իսկ Սուրէն, որ սուր աչք ունէր բայց մէկ մասը միայն կը տեսնէր այդ արտասուաց, կրկնեց ինքնիրեն ինչ որ սովոր էր զրուցել իւր քրոջ համար. Ահա՛ կանանց ամենեն լաւը:
Նոյն միջոցին Գրիգորի միւս քոյրն էլ Նազէնիկ եկաւ, եղբօրը հետ գրկուեցաւ. գրեթէ հասած աղջիկ մը գեղեցիկ, գողտր, դեղձան մազերով, նուաղեալ աչքերով քաղցր տխրութիւն մը երեսին վրայ տարածեալ: Հաճելի էր տեսնել պատանին, որ դեռ երիտասարդութեան չէր հատսած եւ հօր մը ժպիտով կը նայէր իւր քերց վրայ եւ կը գուրգուրար:
Ընտանիքն ամէնքը միաբան իջան նախաճաշն ընելու, Սուրէն լուռ էր, վասնզի չէր ուզէր իւր քոյրը տխրեցնէի Գրիգոր երբեմն կը խոսէր, բայց Արփենին միշտ նիւթ կը գտնէր խօսելու եւ հարցնելու: Սեղանատունեն վար կ'երեւար գեղեցիկ փոքրիկ լիճը արծաթի սկաւառակի մը պէս, մակոյկ մը լճակը կապուած իբր թէ կը հրաւիրէր պտոյտ ընելու ծառազարդ եւ ծաղկազարդ ափանց վրայ. բայց ոչ ոք այդ մտածութիւնը չունէր. Սուրէն առաջինն ելաւ սեղանեն` նոյնպէս ամէնքը, եւ Արփենի ամենեն վերջ, միայն նա էր, որ չէր զգար թէ սպառնալից փոթորիկ կար օդին մէջ:
Խեղճ մայր, գիտէր, որ զաւակն իրմէ պիտի բաժանուէր, եւ այս անգամ ինք չէր, որ կ'ուղարկէր, այլ ստիպող յարկը` մահահոտ պատերազմի շռինդն էր, որ իր գրկեն կը կորզէր իր միմիայն յոյսը: Ուստի կորագլուխ անձայն զոհի պէս տեսաւ նորա սպառազինիլը, այլեւս արտասուք չի կար աչքերը, վասնզի սիրտն էր, որ կուլար, եւ երբ սանդուխին դուռն որդուոյն ձեռքերն եւ երեսները համբուրեց եւ ինք աչքերը գոց երկայն գրկախառնութիւն մ՚ըրաւ, մէկը չէր կրնար որոշել աղօ՞թք էր թէ գրկախառնութիւն:
Քսանի չափ հեծեալ սպառազէնք Գրիգորի կը սպասէին, երբ նա էլ հեծաւ եւ առանց գլուխը դարձնելու ելաւ բերդին դռնեն դուրս Սուրէնի ետեւեն.
– Զաւէ՜ն, Զաւէ՜ն, – կանչեց ներդաշնակ ձայն մը վերեն:
Մեզ ծանօթ անձնապահապետը դարձեալ մտաւ, եւ տեսնելով թէ Տիկինը չի խօսիր, իջաւ ձիեն, ելաւ սանդուխն երէն վեր:
– Զաւէ՛ն, քեզի նեղութիւն տուի, բայց մօր մը տկար սրտին ներէ. աւելորդ է քեզի յանձնել, բայց խնդրեմ հսկէ զաւկիս վրայ, – ըսաւ Տիկինը:
– Ո՜հ իշխանուհի, առանց իշխանիկին հաւտա՛ թէ Զաւէն աչացդ չերեւար:
– Աստուած հետերնիղ լինի… – կրցաւ միայն զրուցել խեղճ կինը եւ գլուխը դարձուց դէպի դուռը. էլ չէր կարող: Շտկուեցաւ դէպի եկեղեցին եւ հոն իւր վիրալից մայրենի սիրտը տարածեց ստեղծողին` միմիայն մխիթարիչ ցաւերու:
Ծեր զինուորը մօր մը այս կերպարանքին չի կրցաւ դիմանալ, գլուխը շարժէլով, աչքերը սրբելով հեծաւ եւ մտրակեց եւ փոշուոյ ամպի մէջ անհետացաւ եւ հասաւ խումբին, որ լռութեամբ իր ընթացքը կը շարունակէր, մինչեւ հասաւ Վարդանակերտ:
Սուրէն, որ մինչեւ այն ժամանակ բերանը չէր բացած, ցցուց հեռուանց Գրիգորի ծեր զօրավար մը, որ աւանին հողապատնէշներուն դուռը կեցած զիբենք կը դիտէր. «Տե՛ս, – ըսաւ, – սա ծերը Թէոդորոսի տեղապահ եւ մեծ բարեկամն է. սա է, Ատոմ Շահունի, երկիւղ երթէք չէ գիտցել թէ ի՞նչ է, մահն արհամարհել իրեն բնութիւն է դարձել, հիմա որ վաթսունն անց է, պատերազմի մէջ երիտասարդէ լաւ կը կռուի, կարող է խարդախութիւն մը, սուտի մը համար իր զաւակն սպաննել. կարծեմ թէ իւր ծիծաղը ոչ ոք տեսած չէ, երբ մօտենանք եւ զինքը դաժան տեսնես մի՛ զարմանար, բացի Թէոդորոսէ ոչ ոք համարմունքի արժանի չի սեպեր, եւ շնորհք է եթէ չարհամարհէր»:
Եւ իրօք, երբ մօտեցան, ծեր զօրավարը հազիւ թէ ընքուիների թեթեւ շարժմունքով բարեւ մը առաւ, իւր արձանի դիրքը ամենեւին չի Փոխեց: Իսկ Սուրէն, որպէսզի կարէնայ զինք խօսեցնել, նոյն Ատոմի առ Թէոդորոս դրած թղթիկը ցոյց տալով, հարցուց թէ ո՞ւր էր Հայոց զօրավարը:
– Այս նամակն ո՞վ քեզ տուաւ, Կամսարական, – ըսաւ դաժան ծերը:
– Այս առաւօտ ինձ տուին իշխանին կողմեն:
– Դուք քնած էիք, երբ նա հոս էր, – զրուցեց ծերը խստութեամբ, եւ իբրեւ թէ ինքնիրեն խօսելով, – այս է ահա մեր իշխանաց եւ իշխանազանց սովորութիւնը, ամենեն լաւերը քուն կը լինին, երբ գործելու ժամանակ է, իսկ վատերը մեծ շնորհք կ'ընեն եթէ մատնիչ չլինին եւ թշնամուոյն չառաջնորդեն:
– Կարելի՞ է, Ատոմ իշխան, մեզ իմացնես թէ որո՞նք են թշնամուոյն առաջնորդողք:
Այս խօսքին ծերը պատասխան նաեւ չի տալով`
– Հայոց զօրավարը, որ այս թուղթը քեզի թողէր է, ըսել կուզէ, որ երթաս զինքը յունաց բանակը գտնեմ, տէ՛, գնա՛, մի՛ դանդաղիր, տե՛ս, ինձ էլ պատվփրեց զօրքը պատրաստի ունենալ, – ըսաւ եւ ձեռքով ցցուց զօրքը, որ պատրաստ զէնքի վրայ կանգնած կը սպասէին:
Եւ այս խօսքերը զրուցելով կռնակը դարձուց բոլորովին:
Իսկ Սուրէն առանց խօսելու հեծաւ ձին եւ սկսաւ շարունակել իւր ճամփան, երեւակայելով թէ տեղեկութիւն հարցնել յունաց բանակին համար այդ քաղցր ծերուն աւելորդ եւ չափազանց հետաքրքրութիւն պիտի թուեր եւ մեծ յանդիմանութեան առիթ, իր ծիծաղը սանձելով կը շտապէր աոաջ անցնելու: Իսկ Գրիգոր, երբ հազիւ քիչ մը հեռացան` քրքիջ բարձրացնելով հետեւեցաւ քեռուոյն մինչեւ մատեցան Վաղարշակերտի, եւ յունաց բանակը երեւցաւ: